ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպումներ ունեցաւ Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար, ԵԱՀԿի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի, ԵԱՀԿի Ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի եւ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պէյչինովիչ Պուրիչի հետ։
ԵԱՀԿի գործող նախագահին խնդրանքով, Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի ներկայ վիճակին եւ տեղեկութիւն փոխանցեց օրեր առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ կայացած հանդիպումին մասին։
Ներկայացնելով գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները՝ նախարար Մնացականեան առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց Արցախի՝ գործընթացի նկատմամբ սեփականութեան զգացումի ընդլայնման եւ ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Ան անգամ մը եւս յայտնեց Հայաստանի աջակցութիւնը՝ անվտանգ ապագայի կառուցման եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանի դիւանագիտութեան վերաբերեալ Սլովաքիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն: Նախարարը ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը՝ այդ գործընթացին մէջ մեծապէս կարեւորելով ԵԱՀԿ կառոյցներու շարունակական աջակցութիւնը:
Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ քարտուղարութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան միջեւ համագործակցութեան ծրագիրներու վերաբերեալ։ Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան հետ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան:
Զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿ »Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիր«ի ծիրին մէջ փոխգործակցութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿի բոլոր՝ երեք հարթութիւններու վրայ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Ընդհանուր քարտուղարին խնդ-րանքով, արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի ներկայ վիճակին, յատկապէս՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախարարներու վերջին հանդիպումին։ Երկուստեք դրական գնահատուեցաւ վերջին ամիսներուն լարուածութեան յարաբերական նուազումը: Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ հայկական կողմը կարեւոր կը նկատէ զինադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրութիւնը՝ ներառեալ համապատասխան մեքանիզմներու ներդրման եւ ամրապնդման միջոցով: Շեշտուեցաւ նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անհրաժեշտութիւնը, որոնց կարգին՝ նախապէս ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչումը:
Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պէյչինովիչ Պուրիչի հետ հանդիպումին՝ անդրադարձ կատարելով Եւրոպական խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան, Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ օժանդակելու կազմակերպութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ աջակցելու վերջինիս՝ վերականգնելու ժողովրդավարական արժէքներու խթանման առաջամարտիկի համբաւը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Եւրոպական խորհուրդին միջեւ բարձր ու բարձրագոյն մակարդակով հաստատուած արդիւնաւէտ երկխօսութեան համար եւ ընդգծեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը զայն առաւել ամրապնդելու: Այդ պարունակին մէջ կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ 2019-2022ի գործողութիւններու ծրագիրին շուրջ՝ զայն որակելով արդիւնաւէտ գործիք՝ աջակցելու կառավարութեան կողմէ սահմանուած գերակայութիւններու կեանքի կոչման: