ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 23 Սեպտեմբերին, Բջնիի իր բնակարանին մէջ յայտնաբերուեցաւ նախկին ոստիկանապետ (2003-2008), Մարտի 1ի գործով վկայի կարգավիճակ ունեցող, զօրավար-գնդապետ Հայկ Յարութիւնեանի դին՝ գլխուն հրազէնի պատճա-ռած վէրքով:
Ոստիկանութեան նախնական վարկածով՝ տեղի ունեցածը անձնասպանութիւն է: Քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութիւնը կը քննէ դէպքին հանգամանքները՝ իրականութիւնը բացայայտելու միտումով:
Դէպքին առթիւ յարուցուեցաւ քրէական գործ՝ քրէական օրէնսգիրքի 110րդ յօդուածի առաջին մասի (սպառնալիքի, դաժան վերաբերմունքի կամ անձնական արժանապատուութիւնը պարբերաբար նուաստացնելու ճամբով անձին անուղղակի դիտաւորութեամբ կամ անզգուշութեամբ անձնասպանութեան կամ անձնասպանութեան փորձի հասցնելը) յատկանիշներով: