ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Երբ Մուսա լեռ անունը յիշեմ միտքս կու գայ այն օրը, երբ Մուսա լեռ այցելեցի եւ պահ մը ժամանակը կանգ առաւ: Առաջին միտքը, որ սարսափեցուց զիս այն էր, թէ ինչպէ՛ս մեր նախահայրերը այդ գեղեցիկ եւ օդասուն լեռները 1939ին ձգած ու գաղթած են անբնակելի անապատ մը, որ կը կոչուի Այնճար:
Հիմա, 80 տարիներ ետք, հոս՝ Ֆրեզնոյի մէջ կը յիշատակենք պատմութիւնը 1915ի մեր ժողովուրդին պայքարին՝ չյանձնուելու թուրքին եւ լեռ բարձրանալով՝ անհաւասար կռիւի հրաշքով մը՝ ազատագրուելու: Ան որ չէ կարդացած Մուսա լերան ժողովուրդին այս հրաշալի փրկութեան պատմութիւնը, կը հրաւիրեմ, որ գտնէ՛ եւ կարդա՛յ զայն:
Ֆրեզնոյի Մուսա լերան միութեան վարչութիւնը կազմակերպած էր հերոսամարտին 104րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը: Այս տարի, Լոս Անճելըսի մեր հայրենակիցները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Շաբաթ, 30 Օգոստոսի երեկոյեան, շուրջ երեք հարիւր հայորդիներ հաւաքուած էին Ֆրեզնոյի »Շերիֆ« դաշտավայրը: Հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ պատրաստուած էին Մուսա լերան ժողովուրդի աղանդերը եւ կրպակներու մէջ կը վաճարուէին անոնք: Երգը, նուագն ու պարը, ապա՝ տհոլը եւ զուռնան պարզեցին իսկական հայկական տոհմիկ երեկոյ մը:
Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ տէր Նարեկ Փեհլիվանեան օրհնեցին աղն ու ցորենը եւ յանձնախումբը սկսաւ մատաղի պատրաստութեան: Նուագն ու պարը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Կիրակի առաւօտեան, հերոսամարտի տարեդարձին առթիւ, Ս. պատարագ մատուցանեց Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն համար:
Այս առթիւ, մեր երիտասարդներէն Գարին Տէր Գալուստաեան կարդաց Ցեղասպանութեան նուիրած գրութիւնը: Հանդիսավար Արա Քէրքէզեան բեմ հրաւիրեց Յովիկ Գարայեանը, որ իր խօսքին մէջ կոչ ըրաւ երիտասարդութեան, որ իրենց ներկայութեամբ փաստեն, որ մենք «կանք ու պիտի շատանանք»:
Տպաւորիչ եւ հարազատ ուղերձով մը հանդէս եկաւ օրուան բանախօսը՝ վերապատուելի Ներսէս Պալապանեան, որ ծառայած է Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ դպրոցին ամբողջ տասնամեակ մը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ հաստատումով. »Մենք հրաշքի ժողովուրդ ենք: Կրկնեմ՝ մենք հրաշքի որդիներ ենք: Թուրքը ձախողեցաւ մեզ բնաջնջելու ծրագիրին մէջ: Թուրքը չկրցաւ Քրիստոսի հաւատքը եւ մեր ազգային կեանքը բնաջնջել: Այնճարի կեանքին նայելով՝ հոն կը տեսնեմ հրաշքին շարունակութիւնը: Մեր չորս կողմը իսլամական գիւղեր կան: Ոչ մէկը կրցաւ կամ կրնայ մեզ դաւանափոխ ընել: Մեր հաւատքը մեր արմատներուն մէջ է: Ահա՛ երէկ, Այճարի մէջ քոյր Հետվիկի ժամացոյցին վերաբացումը տեղի ունեցաւ: Ժամացույցը խորհրդանշական իմաստ ունի՝ յիշեցնելու մեր պատմութիւնը եւ գործի լծելու մեր ժողովուրդը: Ժամացոյցին զանգը գոյատեւման ձայն է: Մեր գիւղը հոս է, եւ մեր գիւղը աշխոյժ է։ Մեր գիւղը պատրաստ է գործելու: Վերջացնելու համար ունիմ խօսք մը բոլորիս համար՝ իբրեւ ահազանգ. կոչը բոլորիս է՝ պահենք մեզի տրուած աւանդը: Պահելու համար մեր հաւատքը եւ լեզուն, ժամանակ յատկացնենք Աստուծոյ խօսքին եւ մեր լեզուին«:
Պատարագէն ետք, շրջափակին մէջ օրհնուեցաւ մատաղը եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Տէր Նարեկ Փեհլիվանեան շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ յարատեւութիւն ու յաղթական ապագայի մը հեռանկարով օրհնեց ուխտաւորները:
Այսպէս, 104 տարիներ ետք, հեռաւոր Ֆրեզնոյի մէջ, հազիւ քանի մը տասնեակ մուսալեռցիներ եւ անոնց ժառանգորդները կը փաստեն, որ ոգին կայ, կամքը կայ եւ աննահանջ պիտի յիշատակեն Մուսա լերան լանջերուն վրայ զոհուած 18 նահատակներուն յիշատակը:
Շարժուն մեր եկեղեցին դարձեալ պիտի կազմենք յաջորդ տարի, մեր հաստատուն հաւատքին շնորհիւ:
Մուսա լեռցի գրագետ Պօղոս Սնապեանի խմբագրած »Միտք Պահէ« գիրքին մէջ կը կարդանք Եդուարդ Պօյաճեանի կողմէ գրուած հետեւեալ հատուածը. »Միտք պահէ, որ դուն ճէպէլ մուսացի ես, նոյնիսկ եթէ բախտ ըսուածը բերած է քեզ այս նոր հողերուն կամ նետած տարագրութեան որեւէ գեհենի մը կրակին: Պիտի յիշես, պիտի յիշես միշտ այն սքանչելի լեռը, բոլորովին մշուշ, բոլորովին ծառ, բոլորովին վեհութիւն այն լեռը, ուր կար գլխուդ մազերուն թիւով կաղնի, մասրենի, մաթցենի, դափնի եւ տոսախ: Միտք պահէ, եղար հուժկու եւ հաւատաւոր եղար, քաջ եւ եղար վսեմ: Այդպէս պիտի մնաս եւ հիմա, երբ պանդխտութեան օրերդ անողոք են, բիրտ ու անմարդկային: Երբ ժամանակները մռայլ են ահա, ու երբ օտարութեան ժահրը ծով է մեր լեռնական հոգիին շուրջ: Պիտի չմոռնաս, պիտի յիշես դուն ու պիտի յիշես միշտ: Մեր երկիրը ուրախութեան եւ զէնքի երկիր մըն էր, արիներու երկիր մը, բաց կուրծքով եւ բարձրաճակատ կեանք ապրող ազատ հայերուն երգի աշխարհն էր անիկա: Լսէ թէ՛ հայ ժողովուրդի ծոցէն ազնուական բեկոր մը ապրեցաւ Մուսա լերան փառահեղ լանջերուն վրայ, լոյսին եւ ազատութեան խորին պաշտամունքով«:
Յաւերժ է մուսալեռցիի ոգին: Պատիւ մեր հերոսներուն: