
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ALDE կուսակցութեան պատգամաւոր եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան Ռումանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին կոչ ըրաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող քաղաքական յայտարարութիւն մը ընդունելու:
«Ակրէփէս»ը կը հաղորդէ, թէ Ոսկանեան սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Ռումանիոյ Հրէական պատմութեան եւ Ողջակիզման ազգային թանգարանի հիմնադրման մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին:
«Մենք միաձայն դիրքորոշում ունինք Ողջակիզման դատապարտման հարցով: Կը խնդրեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ներառել խորհրդարանի կուսակցութիւններու օրակարգին վրայ եւ քաղաքական յայտարարութեան մէջ: Այս հարցէն մինչեւ հիմա Ռումանիոյ կուսակցութիւնները խուսափած են: Աշխարհի մէջ կան տասնեակ խորհրդարաններ, Եւրոպական խորհրդարանը եւ եւրոպական բոլոր երկիրներու խորհրդարանները, որոնք հանդէս եկած են այդպիսի յայտարարութիւններով՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը«, ըսաւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահը՝ աւելցնելով. »Երբ կը խօսինք նման ողբերգութեան մը մասին, մենք նոյն ատեն կը խօսինք աշխարհի բոլոր ողբերգութիւններուն մասին, եւ այսպիսի ողբերգութիւն մը »մայրենի լեզու« չունի: Այս պատճառով է, որ կը կարծեմ, թէ Ողջակիզման ճանաչումը պէտք է համաչափօրէն ուղեկցուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական մօտեցումով, թէեւ, Ռումանիոյ մէջ թանգարան չ՛ունենար, որովհետեւ այս Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած Ռումանիոյ տարածքին, այլ ընդհակառակը, Ռումանիոյ տարածքը դրախտ դարձած էր բոլոր անոնց համար, որոնք փրկուած էին Ցեղասպանութենէն. անիկա իր հետ պիտի բերէ մարդկութեան բոլոր նման վէրքերուն հաւասար բուժման մարտահրաւէրի գաղափարը»: