
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան 5 Սեպտեմբերին հանդիպումներ ունեցան բարձր արհեստագիտութեան մարզին մէջ հանրածանօթ ֆրանսական «Թալես» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Տիգրան Խաչատրեանի հետ հանդիպումին ընկերութեան ներկայացուցիչ Փոլ Ռեմին նշեց, որ պատուիրակութիւնը կը սերտէ ու կ՛արձանագրէ Հայաստանի մէջ առկայ կարելիութիւնները, ուր կարելի է գործունէութիւն ծաւալել եւ ծրագիրներ իրականացնել: Նախատեսուած են հանդիպումներ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ նորարարական եւ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն իրականացնող հայկական ընկերութիւններու հետ:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատեցին բարձր արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած տնտեսութեան խթանումը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու քննարկումները՝ համագործակցութեան շրջանակի վերաբերեալ:
Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին ընկերութեան պատասխանատուները դիտել տուին, որ կը պատրաստուին ելեկտրոնային համակարգերու վերաբերող ներդրում կատարել եւ ծառայութիւններ մատուցել օդային-տիեզերական, պաշտպանական, փոխադրութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ դիտարկուող հեռանկարային համագործակցութեան ուղղութիւններն են՝ արհեստական բանականութիւն, նորարարութիւն, թուային տուեալներու կառավարում, երթեւեկ, ելեկտրոնային անվտանգութիւն եւ մի շարք այլ ոլորտներ:
Հանդիպման ընթացքին «Թալես» ընկերութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ նախարարութեան հետ համագործակցելու գիտութեան զարգացման եւ հետազօտական բաղադրիչի ամրապնդման ոլորտին մէջ: Նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ հետազօտութիւնը պէտք է անջատուած չըլլայ տնտեսութենէն, եւ ընկերութիւնը այդ կապի ամրապնդման առումով կրնայ իր ներդրումը ունենալ:
«Թալես» ընկերութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ հետազօտական գործունէութիւն իրականացնող կառոյցներով եւ յառաջիկային կը նախատեսեն ծանօթանալ այդ կառոյցներու գործունէութեան: