
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Օգոստոսին ճաշի սեղանի շուրջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլենի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմեն Շուէտի խորհրդարանի փոխնախագահները եւ բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարները:
Վարչապետ Փաշինեան եւ Անտրէաս Նորլեն նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Քննարկուեցան Հայաստան-Շուէտ յարաբերութիւններու օրակարգին եւ զարգացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ հայ-շուէտական կապերու խորացման հեռանկարներուն:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի զանազան ոլորտներու մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ:
Նոյն օրը, պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր հիւրերը դիմաւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, որ ներկայացուց յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը եւ անոր ունեցած խորհուրդը:
Շուէտի խորհրդարանի նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, իսկ պատուիրակութեան անդամները՝ անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգեցին Սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Շուէտէն եկած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, ուր փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանի ընկերակցութեամբ՝ ծանօթացան թանգարանային ցուցադրութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւններուն:
Անտրէաս Նորլենին նուիրուեցաւ ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածները բովանդակող հատորներ: Այցելութեան աւարտին Շուէտի խորհրդարանի նախագահը Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ գրեց. »Շնորհակալութիւն, որ կ՛օգնէք մեզի չմոռնալու այն, ինչը երբեք պէտք չէ մոռցուի«։
Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլեն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ս. Էջմիածին, ուր հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ սերտացող յարաբերութիւններուն, որոնք կը նպաստեն փոխգործակցութեան զարգացման եւ ընդարձակման։ Զրոյցին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հայ ժողովուրդին հարուստ պատմութիւնը, շուէտցի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները, հայ ժողովուրդին դաւանած քրիստոնէական արժեհամակարգը, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ Արցախեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը։