
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Օգոստոսին «Մատենադարան-գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ «Հայոց արեւելից կողմանք. պատմութիւն եւ մշակոյթ» խորագիրով հայագիտական միջազգային գիտաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Այս առիթով արտասանած ողջոյնի իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր նկատեց համաժողովին գիտագործնական նշանակութիւնը՝ նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ առիթ կու տան աւելի առարկայական եւ ենթակայական ձեւով ուսումնասիրելու մեր պատմութեան էջերը, վեր առնելու տարբեր զարգացումներու պատճառահետեւանքային կապը եւ զայն ներկայացնելու միջազգային հանրութեան ուշադրութեան:
«Եւ դա կարեւոր է յատկապէս այսօր, երբ կան երկրներ ու շրջանակներ, որոնք ցուցաբերում են քաղաքականացուած մօտեցում պատմական փաստերի նկատմամբ՝ փորձ անելով վերաշարադրել պատմութիւնը եւ այն ներկայացնել նեղ շահադիտական տեսանկիւնից, աղաւաղուած ձեւով: Այս ամէնին պատասխանելու լաւագոյն միջոցը այսպիսի միջոցառումների անցկացումն է նման ձեւաչափով եւ օրակարգով», ընդգծեց նախագահ Սահակեան: