ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւողական կերպով հանդէս կու գայ յօգուտ այն քաղաքական որոշումներուն, որոնք կը բխին հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային շահերէն։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թէեւ Սահմանադրութեամբ նախագահը իրաւասութիւն չունի միջամտելու իշխանութեան միւս մարմիններու աշխատանքին, սակայն մնայուն կերպով պատրաստակամ է համազգային եւ համապետական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու պարագային օգտակար ըլլալ՝ իր փորձառութեամբ ու խորհուրդներով:
«Միեւնոյն ժամանակ ցանկանում ենք յիշեցնել, որ վերջերս Լոռու մարզ այցելութեան ժամանակ, կարեւորելով բնապահպանութեան խնդիրը, Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս նշել էր. «Յատուկ ջանքեր պէտք է ներդնենք, որպէսզի բնութեանը վնաս չտանք: Պէտք է յստակ ծրագիր ունենանք, թէ ինչ ենք անում՝ ե՛ւ բնապահպանութեան, ե՛ւ տնտեսութեան, ե՛ւ զարգացման, ե՛ւ զբօսաշրջութեան ոլորտներում»: