ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի ազգային արխիւ կազմակերպութեան ենթակայութիւնը յանձնուեցաւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան: Նախագիծը հաւանութիւն ստացաւ կառավարութեան 8 Օգոստոսի նիստին։
Նախագիծին մէջ նշուած է, որ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ հիմնականին մէջ ազգային արխիւները կը գործեն մշակոյթի կամ արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ: Ազգային արխիւը մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ կը գործէ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Իտալիոյ, Սերպիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։
Իսկ արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ կը գործեն յետխորհրդային տարածքի շարք մը պետութիւններու ազգային արխիւներ, ինչպէս՝ Վրաստանը, Ուքրանիան, Պելոռուսիան: Արցախի Հանրապետութեան մէջ նոյնպէս ազգային արխիւը կը գործէ արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը ունի արխիւային գործի կառավարման փորձ, քանի որ վերջինիս ենթակայութեամբ կը գործէ հանրապետութեան մէջ իր կարեւորութեամբ 2րդ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի քաղաքացիական կացութեան աքթերու գրանցման հանրապետական արխիւը։