– Աշխարհի տարածքին շարունակուող պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք՝ միայն 2018ին սպաննուած են առաւել քան 12,000 մանուկներ եւ վիրաւորուած մօտաւորապէս 24,000 ուրիշներ։ Ասոնք ամէնէն բարձր թիւերն են ՄԱԿի կողմէ 2005էն ի վեր հրատարակուող տեղեկագիրներուն մէջ։
– Միացեալ Նահանգներու Տնտեսական ուսումնասիրութեանց ազգային գրասենեակին կողմէ կատարուած հետաքննութեան մը համաձայն՝ 2014-2017 տարիներուն առնուազն 15,000 ամերիկացիներ մահացած են, որովհետեւ հանրապետական նահանգապետներ ունեցող շարք մը նահանգներ մերժած էին դաշնակցային կառավարութեան տրամադրած նիւթական աջակցութիւնը, պարզապէս առողջապահութեան դաշնակցային ծրագիրին («Օպամաքեր») հետ չգործակցելու համար։
– Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին կիսամեակին, Թուրքիա հասնիլ փորձող ապօրինի գաղթականներէն 144ը մահացած են արկածներու կամ սաստիկ ցուրտին իբրեւ հետեւանք։
– Հրապարակուած է հեղինակաւոր «Պուքըր» գրական մրցանակի այս տարուան 12 թեկնածուներուն ցանկը, որուն վրայ կայ նաեւ Ցեղասպանութեան վերաբերող «Պոլսոյ Խառնածինը»ի թուրք հեղինակ Էլիֆ Շաֆաք՝ «10 Վայրկեան Եւ 38 Երկվայրկեան Այս Տարօրինակ Աշխարհին Մէջ» գիրքին համար։ Թեկնածուներուն շարքին են նաեւ՝ Սալման Ռուշտի Եւ Մարկրիթ Էթուուտ։