Երկուշաբթի, 29 Յուլիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց նկարչական արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանին:
Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր Սրբատառ Կոնդակին մէջ հայրապետը կ՛ըսէ. «Հոգեկան ուրախութիւն է մեզի համար լուսարձակի տակ բերել ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս արուեստի ու յատկապէս գեղանկարչութեան մարզէն ներս: Արդարեւ, դուք որպէս արուեստագէտ ծանօթ էք ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ՝ օտարներուն: Ձեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները Լիբանանի մէջ ապրելէ ետք, ձեր համալսարանական ուսումը ստացաք Գանատայի մէջ: Երիտասարդ տարիքին մուտք գործեցիք նկարչական արուեստէն ներս: Աւելի քան 250 ցուցահանդէսներու մասնակցեցաք եւ 60 անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպեցիք Լիբանանի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ: Արժանացաք գնահատականներու ու մրցանակներու: Ձեր ստեղծագործութեան առընթեր նաեւ դասախօսեցիք նկարչական բնագաւառին առնչուած նիւթերու շուրջ: Ձեր արուեստին մէջ հայութիւնը իր արժէքներով ու ձգտումներով, իր տառապանքով ու երկունքներով մնաց տիրական ներկայութիւն»:
Հանդիսութեան ընթացքին տուտուկով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Օշին աբղ. Չուալերթանեան: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի հրատարակչական բաժինի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ արուեստի քննադատ դոկտ. Քլոտ Ռահայէլ: Անոնք վեր առին Ակոբեանի արուեստին յատկանիշերը՝ ընդգծելով նկարչական մարզին մէջ վերջինիս իւրայատուկ արուեստին կարեւոր ներկայութիւնը:
Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Ակոբեան եւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին իր նկատմամբ եղած բարձր գնահատանքին համար: