ՊԱՔՈՒ.- Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերի կատարած յայտարարութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց 29 Յուլիսին, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Ատրպէյճան Ֆրանսայի համար տնտեսական կարեւոր գործընկեր եղած է, եւ անոր մենք միշտ մեծ կարեւորութիւն տուած ենք: Այժմ մենք կը փափաքինք տնտեսական եւ ելեւմտական համագործակցութեան նոր փուլի անցնիլ, որովհետեւ հետաքրքրուած ենք ուժանիւթի, վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեամբ», յայտարարեց Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարը: