– Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր նախարար Մարք Էսփըր 25 Յուլիսին Փենթակոնի մէջ ունեցած իր առաջին պաշտօնական ելոյթին ընթացքին բացայայտ սուտ մը արտասանեց՝ պնդլով, որ Իրան «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական կազմակերպութեան միջոցաւ վտանգ կը սպառնայ շրջանի ապահովութեան, հակասելով այն իրողութեանց, որ նշեալ կազմակերպութեան գլխաւոր զօրակիցները եղած են Միացեալ Նահանգներու մօտիկ դաշնակիցները՝ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Քաթարը, իսկ զայն պարտութեան մատնելու մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր նոյնինքն Իրանը։
– Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, թէ այս տարի Թուրքիայէն պիտի արտաքսուին 80,000 սուրիացի գաղթականներ՝ աւելցնելով, որ 2018ին արտաքսուողներուն թիւը մօտաւորապէս 56,000 էր։ Թուրքիա զուգահեռ արշաւի մը նախաձեռնած է սուրիացի գաղթականները Պոլիսէն հեռացնելու նպատակով։
– Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ իր երկիրը կը պատրաստուի դեսպանատուն բանալու Սուրիոյ մէջ։ Հարաւային Օսեթիա ցարդ դեսպանատուն ունի Ռուսիոյ, Նիքարակուայի, Վենեզուելլայի եւ Աբխազիոյ մէջ: