ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Արբենալու հետեւանքներուն մասին որեւէ անձի բացատրութիւն տալը համազօր է, համալսարանաւարտ մարդուն մանկապարտէզի դասարան նստեցնելուն…: Ամէն մարդ ալ լաւապէս ծանօթ է այն հետեւանքներուն զորս կը կրէ արբեցող մարդը:
Անգիտակից վիճակը, որուն կը մատնուի ան, ամէնէն խղճալի կացութեան կ՛ենթարկէ զինք, որ իր խօսած խօսքերուն համար պատասխանատուութիւն չ՛ըզգար, խօսակիցին կամ դիմացը գտնուող անձնաւորութեան ո՞վ ըլլալը իրեն համար մասնաւոր կարեւորութիւն չունենար, ու մանաւանդ յարձակողապաշտ ոգիով կը փորձէ իր իմացածը անոր պարտադրել: Արբեցած մարդուն բնորոշ այս յատկանիշները զինք քաջ ու յանդունգն ներկայացնելու փոխարէն, աւելի խեղճ ու անպաշտպան էակի մը կը վերածեն, որուն ձեռքէն պէտք է բռնել եւ օգտակար հանդիսանալ անոր:
Ինչպէս ես, վստահ եմ դուք ալ ձեր ապրած միջավայրին ու շրջանակին մէջ լսած էք յատկապէս ընտանիքի հօր մը, կամ հաւաքականութեան մը պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձի մը մասին, որ արբեցողութեան պատճառով իր հետ կործանման տարած է իրեն վստահուած մարդիկը: Սակայն, արբեցողութիւնը այնպիսի մոլութիւն է, որ թիրախ կ՛ընտրէ զինք սրտանց սիրողը: Անոր քովէն քալողները այնքան ալ չեն վնասուիր, ո՛չ ալ կ՛իյնան այն առուակին մէջ ուր ան կ՛իյնայ, երկնքի աստղերը հաշուած միջոցին:
Արբեցող մարդուն քովէն քալողները մի քանի տեսակ անձնաւորութիւններ կամ նկարագրային տարբեր գիծերով յատկանշուող անձեր կ՛ըլլան: Առաջինները կրնանք կոչել հարազատներ, որոնք բնականօրէն տիրութիւն կ՛ուզեն ընել իրենց արբեցած արիւնակիցին, ըլլայ ատիկա իրենց հայրը, մայրը, քոյրը կամ եղբայրը, եւ կամ ընտանեկան ու ազգականական մօտիկ կապ ունեցող անձնաւորութիւն մը: Երկրորդ անձերը անոնք են, որոնք իրենց ծանօթին նկատմամբ սրտցաւ մարդիկ են: Ասոնք կը ճանչնան արբեցած մարդը, գիտեն անոր փայլուն անցեալը, կը խղճան ենթակային ներկայ իրավիճակին, թերեւս ալ իմանալով անոր արբեցողութեան մատնուելուն հիմնական պատճառները: Վերջապէս, երրորդ անձերը պատահական անցորդներն են, որոնք մարդասիրական նպատակներով կը մօտենան արբեցած եւ երբեմն ցեխի մէջ տապլտկող մարդուն, կը բռնեն անոր թեւէն եւ կ՛օգնեն, որ ոտքի կանգնի եւ շարունակէ իր ճամբան:
Աշխարհէն նեղուած եւ երբեմն յարձակողապաշտ արբեցողներ կրնան վնասել իրենց օգնող պատահական անցորդին: Այս է պատճառը, որ բոլորն ալ կը թելադրեն չմօտենալ արբեցած մարդուն: Առածը կ՛ըսէ. «Թո՛ղ արբեցողը, եւ մի՛ մօտենար անոր մինչեւ ինքնիրեն գետին փռուի»: Անշուշտ տարբեր խորք եւ նշանակութիւն ունի այս առածը, այսինքն մի՛ ընկերակցիր անոր, որուն գործն ու աշխատելաոճը յստակ չէ՛, որովհետեւ քեզի ալ իր հետ կրնայ ցեխին մէջ պառկեցնել…:
Վերջապէս, կայ նաեւ արբեցողին մօտեցող ուրիշ անձնաւորութիւն մը, որ քաղաքային ոստիկանն է: Օրէնքի այս մարդը տեսնելով արբեցողին վիճակը եւ մանաւանդ իմանալով որ ան կրնայ անցորդներուն վնաս հասցնել անգիտակցաբար, անմիջապէս կը մտնէ անոր թեւէն ու կը ստիպէ իրեն հետեւիլ դէպի ոստիկանատուն:
Վերոյիշեալ պատկերը յառաջ բերուած է իսկական դէպքէ մը, երբ ծանօթ գինովի մը թեւէն մտնելով, ոստիկանը կ՛ուզէ զայն տանիլ ոստիկանատուն, տուգանելու կամ առնուազն բանտարկուած պահելու զայն, մինչեւ զգաստանալը:
Գինովը լսելով ոստիկանին իրեն ուղղուած ոտքի կանգնելու եւ իրեն հետեւելու հրահանգը, խնդրելով անոր, կ՛ըսէ.
– Եթէ ոտքի կանգնելու կարողութիւն ունենամ, կը փափաքիմ տուն երթալ…:
Ահա արբեցած մարդուն փափաքը: Ան իր տունն ու անկողինը կը փնտռէ անշուշտ եւ ո՛չ թէ ոստիկանատան մութ ու խոնաւ խուցը:
Կեանքի առօրեայ երեւոյթներուն շարքին կը հանդիպինք վերոյիշեալ դէպքի փոխաբերական տարբերակին: Երբեմն դժուարին գործի ձեռնարկած ըլլալով այնպէս կը խորհինք, թէ գինովցած վիճակ ունինք: Արդեօ՞ք պիտի կարենանք դուրս գալ այս անելէն: Պիտի յաջողի՞նք արդեօք յաղթահարել այն դժուարութիւնները, որոնք ծառացած են մեր դիմաց: Մեր ուժերը պիտի բաւարարե՞ն լուծել այն խնդիրները, որոնք դամոկլեան սուրի պէս կախուած են մեր գլխուն վերեւ: Այսպիսի տագնապներու մէջ շլմորած, յանկարծ մեր դիմաց կ՛ելլեն այնպիսի անձեր, որոնք փոխանակ մեր ճամբան հարթելու, մեզ կ՛ուզեն տանիլ այլ դժուարութեան մը գիրկը:
Գինովը երբ տարուի ոստիկանատուն, անոր ինքնութեան բացայայտումը կը կատարուի: Ապա, ընտանեկան պարագաներուն իմաց տրուելէն ետք ստեղծուած անախորժ կացութիւնը, կնոջ, երեխաներուն եւ հարազատներու շրջանակին առջեւ պախարակումը եւ այլ անպատեհութիւններ պատճառ կը հանդիսանան կացութեան աւելի բարդանալուն քան թէ լուծուելուն: Այդ պատճառով ալ գինովը կը նախընտրէ ոտքի կանգնելուն պէս տուն հասնիլ, փակել դուռը եւ այնտեղ ինքզինք վերագտնել, հարազատ միջավայրի մէջ, հեռու խայտառակիչ լուսարձակներէ:
Աշխատանքի ձեռնարկած կամ այլ գործունէութեան լծուած մարդիկ եւս կրնան կորսնցնել իրենց ճամբան: Կեանքը բազմաթիւ անակնկալներ ունի վերապահած մեզմէ իւրաքանչիւրին: Կրնայ պատահիլ որ մեր նախաձեռնութիւնները այնքան մեծ ըլլան մեր կարողութենէն, որ ծանր բեռերու տակ կքինք: Պարտքը ամէնէն շօշափելի բեռերէն մէկն է, որուն կշիռքը կը զգան շատեր, երբ մեծ ծրագիր մը յաջողցնելու համար մեծ քայլեր վերցնեն: Ոմանց կը ժպտի բախտը, իսկ ոմանց՝ ոչ: Ուրեմն, բոլորն ալ նոյն յաջողութեան կրնան չարժանանալ: Սակայն կարեւորը տան ճամբան չկորսնցնելն է: Այսինքն գիտնալ թէ ինչպէ՞ս պէտք է վերադառնալ այն տեղը, ուրկէ սկսեր էին իրենց ճամբան:
Այդ առաջին կէտը տունն է, հարազատ միջավայրը, ուր մարդիկ միշտ պատրաստ են քաջալեր հանդիսանալ ձախողած մարդուն, եւ ամէն միջոց հայթայթել վերականգնլու անոր նախկին դիրքը: Ոստիկանը, որ օրէնքի մարդն է, աշխարհը կը խորհրդանշէ: Անիկա եթէ նոյնիսկ օգնէ քեզի, խայտառակութիւնը անխուսափելի է: Օրէնքին ձեռքը իյնալով, բոլորին առջեւ պատասխան պիտի տաս կատարածիդ մասին եւ հրապարակաւ ուղղես սխալներդ: Ուստի, լաւ է որ դուն ինքդ գտնես ճանապարհդ դէպի «տուն», այնտեղ ուշքի գալու եւ հարազատներուդ սրտցաւ մօտեցումներով վերստին ջերմացած, նոր քայլեր վերցնես դէպի յաջողութիւն:
Արբեցողին միակ փափաքը տուն վերադառնալն է: Բնաւ պիտի չուզէինք որ ոեւէ մէկը արբենար, այսինքն իր աշխատանքի ընթացքին դիպուածներու բերումով կորսնցնէր իր ճանապարհը կամ անել կացութեան մատնուէր: Վա՜յ այն արբեցողին, որ առուակին մէջ կ՛իյնայ իր մաքուր զգեստներով: Անոր ցեխոտ տաբատն ու վերնաշապիկը տեսնելով, նոյնիսկ մարդիկ պիտի չճանչնան անցեալի այն մեծ վաճառականը, որուն գրասենեակը մտնելու համար ժամադրութիւն կ՛առնէին:
Կեանքի դժուարութիւններուն մատնուելով երբեմն մարդիկ կ՛այլանդակուին թէ՛ նկարագրային առումով եւ թէ արտաքնապէս: «Գինով» կամ «արբեցած» ըլլաս դժուարութիւններու բերումով, միակ փափաքդ թող ըլլայ «տուն» հասնիլ, վերագտնելու համար կորսուած արժանապատւութիւնդ: