ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին, ՖԻՖԱն հրապարակած է ազգային հաւաքականներու դասակարգման վարկանիշային ցուցակը, ուր Հայաստանի ընտրանին Յունիս ամսուան հետ համեմատած՝ նահանջած է 1 հորիզոնականով ու գրաւած է 98րդ տեղը: Համաշխարհային վարկանիշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Պելճիքան, որուն կը յաջորդեն Պրազիլը, Ֆրանսան, Անգլիան, Ուրուկուէյը, Փորթուկալը, Խրուաթիան, Քոլումպիան, Սպանիան եւ Արժանթիը: