ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսական աշխոյժութիւնը այս տարուան Յունուարէն Յունիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած աճած է 6.5 տոկոսով:
Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2019ի Յունուարէն Յունիս, 2018ի Յունուարէն Յունիս ամիսներուն հետ համեմատած՝ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 6.9 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը՝ 4.7 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 8.9 տոկոսով, իսկ ծառայութիւններու ծաւալը՝ 15.3 տոկոսով:
Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը 2019 Յունուարէն Յունիս ամիսներուն նախորդ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն նկատմամբ նուազած է 7.4 տոկոսով:
Ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նոյն ժամանակահատուածին, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ նուազած է 5.5 տոկոսով:
Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունուարէն Յունիս աճած է 5.6 տոկոսով՝ կազմելով 176 հազար 783 դրամ: Պետական օղակին մէջ աշխատողներու միջին ամսական աշխատավարձը աւելցած է 6.4 տոկոսով, իսկ ոչ-պետականին՝ 3.9 տոկոսով:
Ներկայիս Հայաստան կը համարուի միջինէն բարձր եկամուտ ունեցող երկիր: