ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան բաժինի պետ Նաիրա Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ դադրեցուեցաւ Արթուր Աղաբեկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը:
Քննիչին որոշումով, Աղաբեկեանի նկատմամբ 29 Օգոստոս 2018ին, առանձնապէս մեծ չափերով իւրացում կատարելու մեղադրանքով յարուցուած քրէական հետապնդումը դադրեցուեցաւ եւ անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը՝ չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը վերցուեցաւ:
Աղաբեկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում չէ իրականացուած՝ համաներման որոշումի հիմքով:
Նշենք, որ պատճառուած վնասը՝ շուրջ 63,000,000 դրամը վերադարձուած է: