ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրած է 2019ի առաջին կիսամեակի վիճակագրական տուեալները՝ ընդհանուր սահմանահատումներու՝ Հայաստան մուտքերու ու ելքերու տարբերութեան վերաբերեալ:
Ըստ այդ տուեալներուն՝ 2015ի առաջին կիսամեակին, սահմանահատումներու մուտքերուն ու ելքերուն բացասական տարբերութիւնը եղած է 74,464 անձ, իսկ 2018ին այդ թիւը նուազած է հասնելով 6110ի, իսկ այս տարի բացասական տարբերութիւնը ընդամէնը 2334 անձ եղած է: