ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիկը:
Ընթացքին կողմերը քննարկեցին Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը եւ ընդգծեցին ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերող հարցերու:
Նոյն օրը, Քասփըրչիկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունուեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ սահակեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Կարէն Աբրահամեանի կողմէ: