ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժեց Ռոպերթ Քոչարեանի գոյքին եւ դրամատնային հաշիւներուն վրայ դրուած կալանքի հարցով Հայաստանի դատախազութեան բողոքը:
Դատական նիստը կը նախագահէր դատաւոր Արսէն Նիկողոսեան:
Որոշման մէջ կ՛ըսուի, որ դատարանը որոշած է մերժել դատախազներուն կողմէ բերուած բողոքը, եւ օրինական ուժի մէջ պահել ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի որոշումը՝ հիմք ընդունելով սոյն որոշման մէջ արտայայտուած իրաւական դիրքորոշումները:
30 Յուլիս 2018ին, կալանք դր-ուած էր Քոչարեանի գոյքին եւ դրամատնային հաշիւներուն վրայ:
7 Յունիսին, Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի, մասնակի բաւարարած էր պաշտպան Յովհաննէս Խուդոյեանի ներկայացուցած բողոքը՝ արձանագրելով Քոչարեանի իրաւունքներու խախտում: