
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Այս տարի, Քընթաքի նահանգի Լուիվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտներու արհեստագիտական եւ ղեկավարման ձիրքերու մրցաշարքին՝ «SkillsUSA»ը, որուն մօտաւորապէս 6300 մասնակցողներուն մէջ կար նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի խումբը։
Տարեկան 55րդ «SkillsUSA» մրցումին Կլենտէյլը ներկայացնող քառեակը կազմուած էր հետեւեալ աշակերտներէն՝ Լարիսա Ասատուրեան, Ցոլեր Տէմիրճեան, Ալայնա Չիրիեանքանատաթ (երեքն ալ «Քլարք Մեկնեթ» երկրորդական վարժարանէն) եւ Քարլի Ընկօ (Քրեսենթա հովիտի երկրորդական վարժարան)։
Խումբը յաջողեցաւ ոսկի մետալներով վերադառնալ Կլենտէյլ, երբ կենսոլորտի ապականման վերաբերող անոնց ներկայացուցած ծրագիրը ապահովեց 870 կէտ (առաւելագոյնը 1000 կէտէն), «Ասպարէզի Ուղիներ» բաժանմունքին մէջ։