[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=HhdMQ8jAQQU[/embedyt]
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութիւնը 22 Յուլիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեցին փոխըմբրնման եւ համագործակցութեան յուշագիր մը, հայ եւ ասորի համայնքներու իրաւանց պաշտպան այս կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պաշտօնականացնելու եւ սերտացնելու նպատակով։
Յուշագիրը կը շեշտէ հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ պատմական կապերուն, նոյն ժամանակ կարեւոր համարելով գործակցութեան յաւելեալ սերտացումը, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու համայնքներուն համար։
«Յուշագիրին ստորագրութիւնը աւելի բարձր մակարդակի կը հասցնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան միջեւ գործակցութիւնը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով. «Մեր ազգերը հազարամեակներով ապրած են կողք կողքի եւ այս քայլով պիտի կարենանք մեր իրաւանց պաշտպանութիւնը հասցնել նոր բարձունքներու»։
Վերջին քանի մը տարիներուն, երկու կազմակերպութիւնները արդէն իսկ որոշ աշխատանք տարած էին 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, նկատի ունենալով, որ ցեղասպանական այդ արշաւին զոհ գացած էին թէ՛ հայերը եւ թէ ասորիները։ Այս պայքարին իրենց աջակցութիւնը տրամադրած են շարք մը պետական պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլք, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի։
«Սուտերուն պէտք է պատասխանել ճշմարտութեամբ։ Ամէն անգամ, երբ մէկը յայտարարէ, որ «տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէր», պէտք է հաստատակամօրէն յայտնենք՝ «Այո, ցեղասպանութիւն էր», կ՛ըսէ քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, աւելցնելով, որ պէտք չէ արտօնել, որ Ցեղասպանութեան զոհերը դարձեալ մահանան, այս անգամ մոռացութեան իբրեւ հետեւանք։