ԵՐԵՒԱՆ.- Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու շրջագիծին մէջ, 13 անձեր ներգրաւուեցան՝ իբրեւ մեղադրեալ, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն: Անոնցմէ 10ին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ճշդուեցաւ բանտարկութիւնը, մէկ հոգիի նկատմամբ՝ ստորագրութեամբ չհեռանալը, իսկ երկուքին նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց բանտարկութիւնը փոխարինուեցաւ գրաւով:
Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան ընդհանուր վարչութեան մէջ ստացուեցաւ եւ վարոյթ ընդունուեցաւ Իջեւան քաղաքին մէջ ոստիկանութեան ծառայողներու նկատմամբ կեանքի կամ առողջութեան նկատմամբ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու եւ անկարգութիւն կատարելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործը: