ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ, 21 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու» եւ «Սփիւռքի ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու ղեկավարներու» վերապատրաստման դասընթացքներու բացման արարողութիւնը:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Երեմ Սիմոնեան:
«Ձեր կատարած աշխատանքին յաջողութենէն կախուած է օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ մարդուն, մանաւանդ՝ երիտասարդներուն մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան, նկարագիրի եւ մշակոյթի պահպանումը եւ ամրապնդումը, տեղւոյն համայնքներու կեանքին մէջ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայերու ընդգրկումը, համահայկական ներուժի եւ միասնական ազգային օրակարգի ձեւաւորումը», նշուած էր Զարեհ Սինանեանի խօսքին մէջ: Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր համարած էր նաեւ այն հանգամանքը, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին մասնակցողները կարելիութիւնը պիտի ունենան գտնուելու բոլորովին հայախօս միջավայրի մէջ, զրուցելու հայերէն, ծանօթանալու եւ հաղորդակից ըլլալու Հայաստանի հասարակական եւ մշակութային իրողութիւններուն:
Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքին կը մասնակցին 24 երիտասարդներ Իրանէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն, իսկ ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու խմբավարներու դասընթացքին՝ 20 սփիւռքահայեր Իրաքէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն:
Վերապատրաստման դասընթացքներու գործընկերներն են՝ Երեւանի պետական համալսարանը, Պետական կառավարման ակադեմիան եւ World Vision կազմակերպութիւնը: