ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 14 Յունիսի յետմիջօրէին տեղի ունեցան Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աւարտական հանդէսները, դպրոցիս շրջափակին մէջ:
Ծնողներ եւ «Սահակ-Մեսրոպ»ի բարեկամներ եկած էին վայելելու իրենց սիրասուն զաւակներուն ելոյթները:
Առաջին առիթով, բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան: Ան յայտնեց, որ այս փոքրիկները ծլեցան, կոկոններ դարձան, ապա վերածուեցան սիրուն ծաղիկներու:
Պոյաճեան հրաւիրեց Քրիստըն Սարեանը՝ մանկամսուրի գլխաւոր բարերար դոկտ. Մայք Սարեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը:
Դոկտ. Սարեան գոհունակութիւն յայտնեց այս կրթօճախին համար, որ կը ջամբէ հայկական դաստիարակութիւն:
Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի յայտագիրը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին:
Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին խմբերգներ, խմբային արտասանութիւններ եւ գունագեղ տարազներով հայկական հեզաճկուն եւ առնական պարեր:
Մանկապարտէզի փոքրիկները ներկայացուցին «Շունն Ու Կատուն» երգախառն թատրոնը, կարծես ըլլային մէյ մէկ դերասաններ:
Պահն էր տեսնելու մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն զգեստներ հագած աշակերտները, որոնք արտասանեցին եւ երգեցին հրաժեշտի խօսքեր: Իսկ իրենց ուսուցիչները իւրաքանչիւր շրջանաւարտի մասին յայտնեցին տպաւորութիւններ եւ իրենց ապագայի նպատակները:
Տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան եւ դաստիարակ Թամար Մխճեան յանձնեցին շրջանաւարտներուն առաջին վկայականները:
Փակման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Պոյաճեան, գնահատելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատանքները, ապա ծաղկեփունջներ յանձնեց պաշտօնէութեան:
Կիրակի, 23 Յունիսի յետ միջօրէին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի շրջանաւարտներուն ամավերջի հանդէսները:
Չորս շրջանաւարտներ դրօշակները բարձրացուցին բեմահարթակին վրայ, զանոնք զետեղելով որոշուած տեղերը: Ապա սրահ մուտք գործեցին Ե. եւ Ը. կարգի շրջանաւարտները, որոնք դիմաւորուեցան ծնողներու եւ ուսուցիչներու ծափերով:
Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին Նիքոլ Պաճաքեճեան եւ Յարութ Միթիլեան: Ազգային քայլերգները կատարուեցան Ե. եւ Ը. կարգի աշակերտներուն կողմէ: Իսկ աղօթները կատարեցին Լիմ Գալեմքէրեան եւ Աննա Խրոյեան:
Միջնակարգի սրտի խօսքը հայերէնով ներկայացուց Քրիսթինա Սահակեան:
Առիթը ունեցանք ունկնդրելու փունջ մը Յովհաննէս Թումանեանի գործերէն, ներկայացուած Ե. դասարանի շրջանաւարտներուն կողմէ:
Նախակրթարանի վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին տնօրէնուհի Պոյաճեան եւ դաստիարակ Լալէ Եողուրտճեան:
Ապա, օրուան պատգամաբերը՝ իրաւաբան Ստեփան Խզրըթեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի կատարած դերին, ջամբած ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան համար, որ կամուրջ մը կը հանդիսանայ շրջանաւարտներու կեանքին մէջ, նպաստելով պահել իրենց ինքնութիւնը:
Միջնակարգի ուղերձը ներկայացուց Անճելա Պապայեան, որմէ ետք Ը. կարգի շրջանաւարտները խմբային արտասանութիւններ կատարեցին եւ իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին իրենց ուսուցիչներուն մասին:
Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին Մարալ Պոյաճեան եւ դաստիարակ Րաֆֆի Ղազարեան:
Եզրափակիչ խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Մ. Պոյաճեան, որ յայտնեց, թէ այս շրջանաւարտները երկար տարիներ յաճախած են այս կրթօճախը, թրծուած են հայ մշակոյթով եւ հոգեւոր գիտութեամբ, ուստի արդէն պատրաստ են ուղղուելու երկրորդական վարժարան: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ յարակից մարմիններուն՝ գնահատելով 2018-2019 տարեշրջանին կատարուած բոլոր աշխատանքները:
Օրհնութեան աղօթքը կատարեց վեր. Վաչէ Սվաճեան:
Ներկաները մեկնեցան սրահէն, ըմբոշխնելով օրուան խորհուրդը, ապագայի նոր տեսանկարով: