ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Յուլիսին, պաշտպանութեան նախարարութեան Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2019ի շրջանաւարտ սպաներու յետագայ ծառայութեան վայրերու ընտրութեան վիճակահանութիւնը:
Ըստ սահմանուած կանոնակարգին՝ ռազմական համալսարանի շրջանաւարտ սպաները վիճակահանութեան միջոցով ընտրեցին այն զօրամասերը, ուր պիտի շարունակեն յետագայ ծառայութիւնը: