ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին ընդունեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, «Nouvelles d’Armenie» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանը:
Վարչապետը ողջունեց եւ կարեւոր համարեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին գործունէութիւնը՝ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման, ֆրանսահայ կենսունակ համայնքի աշխոյժ եւ համակարգուած աշխատանքին մէջ: Փաշինեան նշեց, որ յեղափոխութենէն ետք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները մտած են որակական նոր փուլ մը, եւ պէտք է միասնաբար աշխատիլ այդ կապերը առաւել ճկուն եւ հզօր դարձնելու, Սփիւռքի հսկայական ներուժը հայրենիքի տնտեսութեան զարգացման գործընթացին մէջ ներգրաւելու համար: Ըստ Վարչապետին այդ նպատակով ալ Սփիւռքի նախարարութիւնը վերածուեցաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, եւ կառուցուածքային այդ փոփոխութիւնը բոլորովին կը համապատասխանէ կառավարութեան որդեգրած՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման քաղաքականութեան:
Արա Թորանեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Փաշինեանին ընդունելութեան համար եւ անդրադարձաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի գործունէութեան: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները եւ զարգացումները մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած են Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն մէջ, եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի զարգացման միտուած բարեփոխումներու իրականացման, հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ սերտացման եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու շարունակական զարգացման գործին մէջ: