ՍԱՐԱՅԵՒՕ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահները, որոնք երկու տարի առաջ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ծեծած էին խումբ մը խաղաղ ցուցարարներ, դարձեալ լուսարձակի տակ են, այս անգամ Էրտողանի Պոսնիա այցելութեան առիթով։
Արդարեւ, թիկնապահները բախումներ ունեցան պոսնիացի սահմանապահ ոստիկաններու հետ, երբ մերժեցին ապահովական ստուգումներէ անցնելու պոսնիացի սահմանապահներուն պահանջը։ Երկու կողմերուն միջեւ հրմշտուք սկսաւ եւ Էրտողանի թիկնապահները նոյնիսկ զէնք ուղղեցին պոսնիացի սահմանապահներուն ուղղութեամբ։
Միջադէպին մասին խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ Պոսնիոյ սահմանապահ ոստիկանութեան պետ Զօրան Կալիչ, որ նշեց, թէ թուրք թիկնապահները պարտաւոր են յարգանք ցուցաբերել երկրին օրէնքներուն նկատմամբ։