ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան 25 Յունիսին, «Որդան Կարմիր» հայկական գորգերու թանգարանին մէջ ներկայ եղաւ «Ֆեշըն Ֆորում Երեւան-2019» միջոցառման բացման արարողութեան:
«Ժառանգութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայ ձեւագծողներու հագուստները եւ զարդերը։ «Նորաձեւութեան եւ դիզայնի պալատ» կազմակերպութեան նախագահ, հագուստի ձեւագծող Վահան Խաչատրեանի ընկերակցութեամբ, Աննա Յակոբեան ծանօթացաւ ներկայացուած հագուստներուն եւ զարդերուն։