ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ռուզիսքայա Կազեթա» թերթը կը գրէ, որ անցեալ տարի Ռուսիա մուտք գործած են շուրջ 565,000 գաղթականներ, որոնց 90 տոկոսը ԱՊՀի երկիրներէն: Անոնց մէջ առաջին դիրքին վրայ է Ուքրանիան՝ 24 տոկոսով, թէեւ անցեալ տարի այնտեղէն Ռուսիա գացողներուն թիւին ցուցանիշը նուազած էր 8.3 տոկոսով։
Երկրորդ դիրքին վրայ է Ղազախստանը՝ 72.1 հազար հոգի, աճը՝ 0.6 տոկոս: Եռեակը կ՛եզրափակէ Տաճիկիստանը՝ 67.9 հազար անձեր, աճ՝ 7 տոկոս: Չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերուն վրայ են Ուզպեքիստանը եւ Հայաստանը՝ համապատասխանաբար 55.3 եւ 48.4 հազար գաղթողներ:
Գաղթականներու ցուցանիշը այդ երկիրներէն նուազած է 13.6 եւ 0.97 տոկոսով: Տոկոսային առումով աճ արձանագրուած է Թուրքմէնիստանէն Ռուսիա մեկնածներուն մէջ՝ 20.3 տոկոս: