ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիա բնակող եղբայրներ Էրիկ եւ Ռոման Ասատովները որոշած են ծառայել Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ՝ հայրենիքը պաշտպանելու համար:
«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Էրիկը նշեց, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասին մէջ արդէն 1 տարիէ ի վեր կը ծառայէ, իսկ անոր եղբայրը՝ Ռոմանը՝ 6 ամիսէ ի վեր:
«Ռուսիայէն եկած ենք մեր հայրենիք՝ Հայաստանի մէջ ծառայելու: Արդէն մէկ տարիէն աւելի է որ կը ծառայեմ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ: Այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեր հայրենի տունն է, եկած ենք մեր հայրենիքը պաշտպանելու», յայտնեց Էրիկ Ասատով:
Բանակի մասին Ռոմանի ունեցած բացասական պատկերացումները զօրակոչուելէ ետք փոխուած են: 6 ամսուան ծառայողը բոլոր զինապարտներուն առանց վախնալու ծառայութեան մեկնելու կոչ կ՛ընէ:
«Հիանալի կ՛անցնի ծառայութիւնը: Ամէն ինչ. կարելի է ըսել, շատ հաճելի է: Երբ դեռ չէի եկած ծառայութեան, կը մտածէի, որ բարդ պիտի ըլլայ, բայց ամէն ինչ կարգին է, այնպէս որ վախնալու ոչինչ կայ: Պէտք է երթալ ծառայութեան՝ պաշտպանելու հայրենիքը», ըսաւ Ռոման Ասատով:
Եղբայրները տակաւին չեն որոշած, թէ ծառայութիւնը աւարտելէ ետք պիտի վերադառնա՞ն Ռուսիա, թէ պիտի մնան Հայաստան, բայց անոնք կը նշեն, որ իրենց հայրենիքը այստեղ է, ուր իրենք ծնած են: