ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 19 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Հանդիպման ներկայ էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շոֆըր եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ամերիկեան գործընկերութեան վերաբերող հարցեր, ընդգծելով փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ ընդլայնելու եւ հարստացնելու բազմաոլորտ համագործակցութեան օրակարգը:
Անդրադառնալով Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան անդրանիկ նիստին՝ Մնացականեան ողջունեց նման ձեւաչափի եւ ներկայացուցչական մակարդակով հանդիպումները եւ վերահաստատեց հայկական կողմին յանձնառութիւնը՝ կեանքի կոչելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Ըստ Մնացականեանի՝ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութիւնը, որ կը ներառնէ համագործակցութեան բազմաթիւ ոլորտներ, կը նպաստէ Հայաստանի մէջ իրականացող բարեփոխումներու օրակարգը յառաջ մղելու ջանքերուն:
Նախարար Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու լայն օրակարգը, իբրեւ գերակայ առաջնահերթութիւն ընդգծելով դատաիրաւական եւ ոստիկանութեան ոլորտները: Այս պարունակին մէջ, Մնացականեան առանձնապէս արժեւորեց միջազգային տարբեր գործընկերներու աջակցութիւնը համադրելու եւ համակարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ բարեփոխումներուն կայունութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:
20 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ Արցախի հիմնահարցին խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն: