ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու ընկերակցութեան 2019-2020 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումնագիրները:
Կրթանպաստները պիտի տրամադրուին իրենց պսակաւոր վկայականը ստացած եւ համալսարանական ուսումը շարունակող հայորդիներու, որոնց անունները պիտի բացայայտուին Սեպտեմբերին:
Ընկերակցութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ միայն 2018-2019 կրթական տարեշրջանին, 7 ուսանողներու տրամադրած են 21,000 տոլարի կրթանպաստներ։
Դիմումնագիրին կամ կրթանպաստներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.armenianprofessionalsociety.org/scholarships կայքէջը կամ դիմել hello@armenianprofessionalsociety.org հասցէին:
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 20 Օգոստոս: