ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթ, 8 Յունիսին տեղի ունեցած Ընտանեկան երեկոյի ձեռնարկը, որ նուիրուած էր հայրերուն եւ մայրերուն յաջողութեամբ պսակուցաւ:
Հաւաքոյթին ներկայ էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արմենուհի Թովմասեան, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Զօհրապ Մահտէսեան եւ կոմիտէի անդամներ, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հհգաբարձութեան ատենապետ Մարտիկ Պուլտուկեան եւ անդամներ, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Օննիկ Պէրպէրեան եւ ՀՄԸՄականներ եւ մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ ու հիւրեր:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութեամբ։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մայտա Շահինեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու հայրերը իրենց տօնին առիթով, մաղթելով իրենց միշտ առողջ, ուրախ եւ բարի օրեր:
Մակի Բարսեղեան Սարգունի եւ Մարտիկ Պուլտուքեան ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղի տարուան Մայրը եւ Հայրը նշանակուեցան:
Ձեռնարկին վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան բարձր գնահատեց «Մայր» մասնաճիւղին տարած աշխատանքը, շնորհաւորեց տարուան հայրը եւ մայրը, մաղթելով իրենց ոյժ ու կորով իրենց նուիրեալ ծառայութեան մէջ:
Տէր հայրը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Օննիկ եւ Մայտա Շահինեաններուն եւ զաւակներուն՝ իրենց հիւրնկալութեան եւ ընդունելութեան համար:
Վարձքը կատար ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան, ընկերային յանձնախումբին եւ բոլոր ընկերուհի ներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ ներկաները վայլեցին գեղեցիկ եւ ուրախ երեկոյ մը, որոնք մեկնեցան գոհունակ եւ բարձր տրամադրութեամբ:
Այս Էջերը Կը Հովանաւորէ
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղը