ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Ենիճաղ Կազեթեսի» լրատուական կայքի սիւնակագիր Արսլան Թեքին անդրադարձաւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիր Ապտուլլահ Օճալանի՝ հայ ըլլալու վերաբերեալ պնդումներուն:
Յիշեցնելով, որ 20 տարի առաջ՝ 1999ի Յունիսին կ՛ընթանար Օճալանի դատավարութիւնը՝ թուրք յօդուածագիրը ներկայացուց այդ պնդումին վերաբերող դրուագ մը այդ դատավարութենէն:
Մարտական գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներուն շահերը պաշտպանող եւ իբրեւ մեղադրող կողմ հանդէս եկող փաստաբան Ֆուատ Թուրկութ բազմաթիւ հարցումեր տալէ ետք, Օճալանին՝ հարցուցած էր, թէ արդեօք ճի՞շդ է, որ իր հայրը հայ է:
Նիստը նախագահող դատաւոր Մեհմետ Օքեայ հակադարձած էր փաստաբանին՝ նշելով, որ մարդոց ազգային պատկանելիութիւնը կարեւոր չէ եւ մերժած էր այդ հարցումը Օճալանին ուղղել, սակայն վերջինս ոտքի կանգնելով պատասխանած էր հարցումին։
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրը նշած էր, որ իր մայրը թիւրքմէն է, սակայն դատաւորը ընդհատած է անոր, արտօնութիւն չտալով, որ աւարտէ խօսքը: Այդպէսով, Օճալան առիթ չէ ունեցած իր հօր ծագման մասին խօսելու:
Սակայն յօդուածագիրը կը նշէ, որ մէկ այլ լրագրող այլ առիթով մը Օճալանին ուղղած էր նոյն հարցումը, որուն պատասխանելով՝ քիւրտ ղեկավարը ըսած էր, թէ հայրը հայ չէ, բայց հայերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած է։ Փոխարէնը, ան ակնարկած էր թուրք ազգայնամոլ ղեկավար Ալփարսլան Թուրքեշի հայ ըլլալու վարկածին (յառաջ մղուած նաեւ Հնադ Տինքի կողմէ)՝ նշելով, որ ան Հայաստանի նախագահին (Լեւոն Տէր Պետրոսեան) հետ հանդիպած առաջին թուրք ղեկավարը եղած էր: