ԹԵՀՐԱՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, թէ Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու Ուաշինկթընի ներուժը սպառած է արդէն եւ երկրին մէջ իրավիճակը, անցեալ տարուան համեմատ, բարելաւուած է:
«Միացեալ Նահանգները գագաթնակէտին հասցուցած է Իրանի ժողովուրդին դէմ ճնշումը, եւ այս պահէն սկսեալ այդ սպառնալիքը, այդ ճնշումը կը կորսնցնէ իր ուժը: Ներկայիս իրանցի ժողովուրդը աւելի հանգիստ է», ըսաւ Ռոհանի:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է Թեհրանի հետ բանակցութիւններու սկսելու: «Միակ լուծումը նոր եւ աւելի լաւ համաձայնագիրն է, որ կը վերաբերի Իրանի սպառնալիքներու ամբողջ տեսադաշտին: Այդ սպառնալիքները շարադրուած են 12 պահանջներու մէջ, որոնք, ինչպէս ըսած են նախագահ Թրամփ եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, պատրաստ ենք քննելու: Իրանի ղեկավարները գիտեն, թէ ինչպէս պիտի կապուին մեզի», ըսաւ ան: