Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է նախարարի խօսնակ Աննա Նաղդալեան:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի 2րդ նիստի նախօրէին», գրած է Նաղդալեան:
Զօհրապ Մնացականեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստին, զոր պիտի վարեն Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի: Խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն մասին խօսելու նպատակով, Մնացականեան եւ Մոկերինի հանդէս պիտի գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով: