ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Կանանց լսարանը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամով: Աւանդութեան համաձայն՝ տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կը փոխանցէ հայրապետը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթ կ՛ունենան հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ առաջարկները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքին վարիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց այս տարեշրջանի աշխատանքները եւ դիտել տուաւ, որ վեհափառը մօտէն կը հետեւի լսարանին՝ անոր աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ գործընթացքին:
Ապա, հայրապետը իր խօսքը սկսաւ՝ անդրադառնալով եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան ու դիտել տուաւ, որ երկուքին միջեւ հեռաւորութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ: Մեկնելով Յիսուսի օրինակէն՝ ան նշեց, որ Քրիստոս երեք տարի ժողովուրդին մէջ ապրելով մօտէն հետեւեցաւ անոր առօրեային եւ այդ իսկ պատճառով Աւետարանին մէջ կը տեսնենք մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող առակներ ու դէպքեր: Կաթողիկոսը ապա ընդգծեց, որ թէկուզ մենք կը ծնինք քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, սակայն մկրտութեամբ քրիստոնեայ կը դառնանք, իսկ միայն Յիսուսի ճամբէն քալելով, մաս կազմելով Անոր ու հաղորդուելով Անկէ, կը վերածուինք իսկական քրիսոտոնեաներու: Հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյցը չէ, այլ ժողովուրդը ինքն է ու հարկ է Քրիստոսի մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգենք ու վերահաստատենք, որպէսզի կարենանք մօտենալ Աստուծոյ, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ մարդը փրկելու ադամական մեղքէն:
Հայրապետը իր պատգամին առիւծի բաժինը նուիրեց հայ ընտանիքին, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ փոքր եկեղեցի է, հետեւաբար, սրբութիւն է անիկա եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենանք հայ ընտանիքներուն նկատմամբ, ըսաւ ան: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ազգային դաստիարակութեան համար հայ մօր առանցքային դերակատարութեան եւ յայտնեց, որ ընտանեկան կրթութիւնը հիմքն է ազգային կրթութեան եւ որքան տոկուն ըլլայ ընտանիքը, նոյնքան տոկուն կ՛ըլլայ ազգը: Բաղդատելով հայ ընտանիքներու անցեալի պայմանները ներկայ պայմաններուն հետ՝ վեհափառը յորդորեց հայ ընտանիքները, ի մասնաւորի հայ մայրերը, հաստատ մնալու իրենց հայեցի կրթութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման մէջ, ու նկատել տուաւ, որ թէկուզ փոքրիկները իրենց տարիքին բերումով կրնան եկեղեցւոյ մէջ անհանդարտ մնալ, սակայն ժամանակի ընթացքին ու համբերութեամբ անոնց կրնանք սորվեցնել եկեղեցւոյ նիստուկացի օրէնքները, հետեւեբար պէտք չէ զրկել մեր մանուկները եկեղեցիէն, այլ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, որ կ՛ըսէ. «Ձգեցէք մանուկները ինծի գան»:
Վեհափառը իր խօսքը եզրափակեց՝ գնահատելով բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբը, ինչպէս նաեւ անոր օգնական հայր սուրբը եւ լսարանին մասնակցողները:
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով:
Նշենք, որ Կանանց լսարանը տեղի կ՛ունենայ ամէն Երեքշաբթի օրերը առաւօտեան ժամը 10ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Լսարանին զուգահեռ տեղի կ՛ունենան նաեւ հիւրասիրութիւններ եւ ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւններու տօնախմբութիւններ: