ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի երեք պետական պաշտօնատարներ Ուրբաթ, 7 Յունիսին տեղեկացուցին, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է դադրեցնել թուրք օդաչուներու մարզումները, որոնք կը կատարուէին՝ զանոնք «Էֆ.35» արդիական ռազմական օդանաւերը ղեկավարելու պատրաստելու համար։
Փորձերը տեղի կ՛ունենային Արիզոնայի մէջ։
Յիշեալ որոշումին հիմնական պատճառը այն է, որ Թուրքիա, հակառակ ամերիկեան ճնշումներուն, հաստատ կը մնայ Ռուսիայէն «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգեր գնելու որոշումին վրայ։
Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները մերժեցին պատասխանել մարզումներու կասեցման մասին «Ռոյթըրզ»ի լրագրողներու հարցումներուն։
Նշենք, որ ամերիկացի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր առիթներով ազդարարած են, որ եթէ թրքական կողմը չհրաժարի «Էս. 400»էն, ոչ միայն պիտի չստանայ «Էֆ.35» օդանաւերէն, այլ նաեւ դուրս պիտի դրուի զանոնք արտադրելու միջազգային ծրագիրէն: