ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Եւրոպական Խորհուրդի բոլոր անդամները համաձայնած էին կատարել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) տուած դատավճիռները: Սակայն, 2014էն սկսեալ, Ատրպէյճան խախտած է այդ պարտաւորութիւնը՝ ըստ ՄԻԵԴի Մեծ պալատի 17 դատաւորներուն, ներառեալ՝ Ատրպէյճանը ներկայացնող դատաւորին 29 Մայիս 2019ին միաձայնութեամբ տրուած դատավճիռին:
Գործը կը ներառէ ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետովի ձերբակալութիւնը. ան ամբաստանուած է քրէական յանցանքներ գործած ըլլալու մեղադրանքով. «2013էն ի վեր (ան) կը գտնուի նախնական կալանքի տակ՝ առանց սակայն յանցագործութեան կատարման գծով որեւէ հիմնաւոր կասկածի: (Եւրոպական) դատարանը պարզեց, թէ նշուած հանգամանքները կը վկայեն, որ այդ քայլերուն միակ նպատակը եղած է լռեցնել կամ պատժել Մամետովը՝ (Ատրպէյճանի) կառավարութիւնը քննադատելուն համար… ՄԻԵԴը մասնաւորապէս պարզեց, որ (Ատրպէյճանի) կառավարութիւնը միայն սահմանափակ քայլերու ձեռնարկած է դատավճիռը իրականացնելու համար, ինչ որ չի նշանակեր, թէ Ատրպէյճան գործած է «բարեխղճօրէն» կամ Մամետովի գործով իր դատավճիռի «եզրակացութիւններուն եւ ոգիին» համապատասխան: Անիկա եզրակացուց, որ Ատրպէյճան չէ կատարած համաձայնագիրով սահմանուած իր պարտաւորութիւնը՝ դատավճիռը գործադրելու գծով», ըսուած է ՄԻԵԴի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
5 Դեկտեմբեր 2017ին, Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէն, որ պատասխանատու է ՄԻԵԴի դատավճիռներու գործադրման վերահսկողութեան, Ատրպէյճանի խախտումը վերադարձուց Եւրոպական դատարանին՝ որոշելու համար, թէ արդեօք երկիրը չէ՞ կատարած 2014ի իր դատավճիռը՝ Մամետովը անվերապահօրէն ազատ չարձակելով:
Երբ ՄԻԵԴի Մեծ պալատը 29 Մայիս 2019ին որոշում տուաւ, որ Ատրպէյճան իսկապէս խախտած է իր 2014ի վճիռը, ՄԻԵԴի դատը վերադարձուց Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին՝ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու համար:
Նախարարներու կոմիտէն ընդգծեց, որ Մամետովի դէմ բարձրացուած դատական գործը վարելուն մէջ հիմնարար թերութիւններ կան։ ՄԻԵԴի Մեծ պալատը «բազմիցս կոչ ըրած է ազատ արձակելու Մամետովը՝ իբրեւ կարեւոր քայլ (Եւրոպական) դատարանի յայտնաբերած խախտումներու վերացման ուղղութեամբ: Սակայն, ան մնացած է կալանքի տակ գրեթէ չորս տարի, ՄԻԵԴի դատավճիռը 13 Հոկտեմբեր 2014ին ուժի մէջ մտնելէն ետք եւ մինչեւ անոր պայմանական ազատ արձակումը 13 Օգոստոս 2018ին՝ խախտումներու մասին դատ յարուցուելէն ետք: Մարտ 2019ին, (Ատրպէյճանի) Գերագոյն դատարանը՝ կրճատելով Մամետովի պատիժին ժամկէտը, գտաւ, որ վերջինս ամբողջութեամբ կրած է իր պատիժը եւ մերժեց պայմանական ազատման հրամանը եւ զայն ազատ արձակելու բոլոր այլ պայմանները»:
Ահա՝ Մամետովի դատական գործին պատմութիւնը, ինչպէս նկարագրուած է ՄԻԵԴի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ. ան ծնած է 1970ին եւ կ՛ապրի Պաքու: Ան քաղաքական պլակըր է եւ գործիչ, որ նաեւ յայտարարած է՝ 2013ին Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին համար պայքարելու իր մտադրութեան մասին: Ան նախնական կալանքի տակ վերցուած է Փետրուար 2013ին՝ Իսմայիլիի անկարգութիւններուն վերաբերեալ իր պլակին մէջ գրելէն ետք: Այլ բաներու շարքին, Մամետով ըսած է, որ հոն մարդիկ անդրադարձած են պետական պաշտօնեաներու «կաշառակերութեան եւ լկտիութեան»: Հետագային, ան մեղադրուած է հասարակական կարգի խախտումով գործողութիւններ կազմակերպելու կամ աշխուժօրէն մասնակցելու յանցանքով, իսկ հետագային անոր մեղադրանք առաջադրուած է զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու եւ պետական պաշտօնեաներու նկատմամբ դիմադրութիւն կամ բռնութիւն գործադրելու մէջ, սպառնալով անոնց կեանքին կամ առողջութեան:
25 Փետրուար 2013ին, Մամետով դիմած է ՄԻԵԴին՝ պնդելով, որ առանց քրէական յանցանք կատարած ըլլալու «հիմնաւոր կասկածի» ձերբակալուած եւ կալանքի տակ պահուած է, խախտած է անոր անմեղութեան կանխավարկածը, հետապնդուած է իր քաղաքական հայեացքներուն եւ վարչակարգին ներկայացուցած սպառնալիքին համար՝ իբրեւ նախագահական պաշտօնի հնարաւոր թեկնածու: Մարտ 2014ին, Ատրպէյճանի դատարանը դատած է զինք եւ եօթը տարուան բանտարկութեան դատապարտած է:
Մեծ պալատի 22 Մայիս 2014ի դատավճիռին մէջ (Մամետովի առաջին դատավճիռը) ՄԻԵԴը յայտնաբերած է անոր ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի, կալանաւորման դատական քննութեան իրաւունքի, անմեղութեան կանխավարկածի եւ իրաւունքներու նկատմամբ սահմանափակումներու կիրառման սահմաններու խախտումներ: ՄԻԵԴը նաեւ պարտաւորութեան տակ դրած է Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ վճարելու 20 հազար եուրոյի փոխհատուցում:
Նախարարներու կոմիտէն առաջին անգամ դատը քննեց Դեկտեմբեր 2014ին: Կոմիտէն ընդունեց բազմաթիւ որոշումներ եւ միջանկեալ բանաձեւեր, որոնք ընդգծած են պետութեան պարտաւորութիւնը համաձայնագիրին համապատասխան յստակ միջոցներու ձեռնարկելու՝ հաստատուած բոլոր խախտումները եւ անոնց հետեւանքները ջնջելու համար, որպէսզի Մամետով դրուի այնպիսի պայմաններու մէջ, որուն մէջ պէտք է ըլլար, եթէ իր իրաւունքները չխախտուէին:
Կոմիտէն Հոկտեմբեր 2017ին պաշտօնապէս ծանուցեց Ատրպէյճանի, որ, ըստ իրեն, Ատրպէյճան չէ կատարած համաձայնագիրով ամրագրուած իր պարտաւորութիւնը՝ խախտման ընթացակարգի առաջին քայլը: Նախարարներու կոմիտէն Դեկտեմբեր 2017ին նաեւ ՄԻԵԴը հարցապնդեց՝ Ատրպէյճանի պարտաւորութեան կատարման մասին:
Մամետով պայմանականօրէն ազատ արձակուեցաւ Օգոստոս 2018ին: Մարտ 2019ին, Ատրպէյճանի Գերագոյն դատարանը կրճատեց անոր պատիժը՝ գտնելով, որ ան ամբողջութեամբ կրած է իր պատիժը եւ անտեսեց անոր ազատ արձակման պայմանները: Նոյեմբեր 2017ին, ՄԻԵԴը պարզեց, որ Մամետովի գործով դատավարութիւնը քրէական նոյն մեղադրանքով, ինչպէս քննադատած էր 2014 ի իր դատավճիռին մէջ, եւս խախտած է անոր իրաւունքները (Մամետովի երկրորդ դատավճիռը):
Եթէ Ատրպէյճան շարունակէ չկատարել ՄԻԵԴի դատավճիռները կրնայ վտարուիլ Եւրոպական խորհուրդէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ