ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Լոս Անճելըսի անտունիներու սպասարկութեանց բաժանմունքին կողմէ 5 Յունիսին հրապարակուած նորագոյն տուեալներուն համաձայն՝ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած անտունիներուն թիւը բարձրացած է 58,936ի, ինչ որ 12 տոկոսի աճ մըն է վերջին մէկ տարուան ընթացքին։
Անտունիներուն մօտաւորապէս 62 տոկոսը կը մնայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի թաղերուն մէջ, ուր աճը 16 տոկոս եղած է։
Տագնապին գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը նկատուի յարմար գիներով բնակարաններու պակասը։