Շարլ Ազնաւուրի կեանքին մասին վաւերագրական ֆիլմ մը ներկայացուեցաւ Քանի փառատօնին, որ այս օրերուն կ՛ընթանայ Ֆրանսայի ծովափնեայ Քան քաղաքին մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Շարլ. Յատուկ Հայեացք» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ ռուսական տաղաւարին մէջ, որ «Ռոսկինօ»ի կողմէ կազմակերպուած էր փառատօնի տարածքին մէջ:
Ֆիլմի արտադրողներն են՝ Շարլ տը Մոն, Միշա Ազնաւուր եւ Սերգէյ Սարգիսով, իսկ բեմադրիչը՝ Մարք տի Տոմենիկօ: Հիւրերուն ու լրագրողներուն ցուցադրեցին լուսանկարներ, որոնք առնուած են Շարլ Ազնաւուրի կողմէ իր ելոյթներուն, ճամբորդութիւններու, արուեստագէտներու եւ իրեն հարազատ մարդոց հետ շփման ընթացքին:
«Ռոսկինօ»ի մամլոյ ծառայութեան կողմէ, որ «Քիչերուն յայտնի էր ֆրանսացի երգիչին այս հրապուրանքին մասին. Ազնաւուրը բառացիօրէն չէր բաժնուէր նկարչական իր գործիքէն՝ նկարելով ինքզինք, իր հարազատները, արուեստագէտներու հետ զրոյցները», կ՛ըսուի «Ռոսկինօ»ի մամլոյ ծառայութեան կողմէ:
Ֆիլմին համար երաժշտութիւնը ընտրուած է 50ականներէն մինչեւ մեր ժամանակներու ձայնագրութիւններէն: Շարժապատկերին մէջ տեղ գտած են Ազնաւուրի ծանօթ երգերը եւ լայն հանրութեան քիչ յայտնի ստեղծագործութիւններ:
«Ազնաւուրի կեանքի զանազան պահերուն, անոր ստեղծագործութիւններուն եւ երգերուն մասին պատմող ֆիլմը ունի ռոմանթիկ բնոյթ», կը յայտնէ «Ռոսկինօ»ն:
«Անիկա վէպ է կեանքի, մանկութեան, ճանապարհորդութիւններու, հանդիպումներու, անյաջողութիւններու, յաջողութիւններու, ուրախութիւններու, թախիծի, վախերու, արիութեան եւ մանաւանդ՝ սիրոյ մասին», կը նկարագրէ «Թասս»ը: