– «ՀաֆՓոսթ»ի կատարած մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միայն կոլֆ խաղալու մոլութիւնը ցարդ 102 միլիոն տոլար արժած է ամերիկացիներուն։ Յիշեցնենք, որ Թրամփ նախագահական ընտրապայքարին ընթացքին խոստացած էր իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կոլֆով չզբաղիլ…
– Եւրոպացիներուն կէսէն աւելին այն կարծիքին է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւանաբար տարանջատուի յառաջիկայ 20 տարիներուն ընթացքին, ըստ «ԵուԿաւ» միջազգային ընկերաբանական հաստատութեան կատարած հարցախոյզին, որուն տուեալները հրապարակուած է բրիտանական «Կարտիըն» թերթին մէջ: