
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԵԴի կրտսերներու Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղէն երեք պարմանուհիներ վերջերս գործնական քայլերու դիմած են՝ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ սպասարկութիւններ տրամադրելու Հայաստանին եւ Արցախին։
Արդարեւ, 14ամեայ Քարին Մանուէլեան, բացայայտելէ ետք, որ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ կը գործէ ոչ-հասութաբեր եւ փողոց մնացած շուներու օգնող՝ «Գիւմրիի շուներ» (https://dogsofgyumri.org) կազմակերպութիւնը, շարք մը դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններու դիմած է եւ ներկայացումներ կատարած է, հաւաքուած գումարները կազմակերպութեան առաքելով։
Իրենց կարգին, Արենի եւ Զապէլ Համբարեանները համացանցային դրամահաւաքի մը սկսած են, որպէսզի կարելի ըլլայ Աշանի մէջ (Արցախ) ֆութպոլի մարզադաշտ մը նորոգել։ Դրամահաւաքին աջակցելու համար՝ այցելել www.gofundme.com/f/fw657b-soccer-for-children-in-artsakh կայքէջը։
ՀԵԴի կրտսերներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 500-8883 թիւին եւ info@AYFJuniors.org հասցէին կամ այցելել www.ayfjuniors.org/content.aspx?sl=1230477999 կայքը։