ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Յորդանան անգամ մը եւս հիւրընկալեց հայկական մշակոյթը Երեւանի քոյր քաղաք Ամմանի մէջ կազմակերպուեցաւ հայրենի արուեստագէտ քոյրերու՝ գանատաբնակ գեղանկարիչ Նազ Թորոյեանի «ՆազԱրտ» գեղանկարներու ցուցահանդէս-վաճառքը եւ յորդանանաբնակ դաշնակահարուհի-երգահան Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի «Իմ Երազում» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Յորդանանի մշակոյթի նախկին նախարար Ճիրյէս Սամաուիի հովանաւորութեամբ՝ 1էն 3 Մայիսին, Ամմանի քաղաքապետարանի ցուցահանդէսներու սրահի «Կալերի»ին մէջ:
Հայկական մշակոյթի այս 3 օրերը նուիրուած էին 150րդ յոբելեաններուն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի, որոնց մասին ներկաները ծանօթացան բացման խօսքին ընթացքին:
«Վարդավառ» մանկապատանեկան երգչախումբի երգերը վայելեցին բացման ներկաները, ունկնդրելով հայկական ժողովրդական եւ կոմիտասեան երգեր, առաջին անգամ հնչեց Յովհաննէս Թումանեանի «Էս Էն Է» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի հեղինակած երգը:
(Յապաւուած)