ՄԻՆՍԿ, «Ռազմինֆօ».- Պելոռուսի մայրաքաղաք Մինսկի մէջ մեկնարկած ռազմարդիւնաբերական միջազգային MILEX-2019 ցուցահանդէսին, Ատրպէյճանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Ատրպէյճան արդէն առաւել քան 100 հազար միաւոր ԱԿ–74Մ գնդացիր արտադրած է եւ մինչեւ 2021 գործող պայմանագիրը կը նախատեսէ ընդհանուր 120 հազար ԱԿ–74Մ-ի արտադրումը:
Նշեալ թուաքանակը, սակայն, իրատեսական չի թուիր ըլլալ, մանաւանդ երբ նկատի առնուի այն փաստը, որ Ատրպէյճանի մէջ այս գնդացիրներու արտադրութիւնը հակասական նախապատմութիւն ունի:
Նախ՝ պայմանագիրը կնքելու ընթացքին՝ 2011ին, «Զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերլուծութեան կեդրոնը» (ՑԱՄԹՕ) հրապարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ կը նշուէր, որ Ատրպէյճան տարեկան 12 հազար միաւոր ԱԿ–74Մ պիտի արտադրէ:
Այնուհետեւ, Ապրիլ 2013ին, Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարը երկրի նախագահին զեկուցած էր, որ ԱԿ–74Մներու արտադրութիւնը յաջողութեամբ կ՛իրականացուի:
Աւելի ուշ, 2014ին, Պաքուի մէջ «Ռոսօպորոնէքսփորթի» գործադիր տնօրէնի խորհրդական Էսեն Թոփոյեւ յայտարարած էր, որ շուտով կը սկսի ԱԿ–74Մի արտադրութիւնը, իսկ մինչեւ այդ պիտի լուծեն ատրպէյճանցի զինագործ մասնագէտներ պատրաստելու եւ հոսքագիծերու վերաբերող քանի մը հարցերը: Թոփոյեւ իր յայտարարութեան մէջ նաեւ շեշտած էր, որ արտադրութիւնը «համաձայնեցուած ժամանակացոյցով» պիտի սկսի:
Այսինքն, մինչեւ այդ ալ ծրագրուած էր, որ Ատրպէյճան մինչեւ 2014 ԱԿ–74Մի արտադրութեան չէ սկսած:
Այսպիսով, կասկածելի է, որ Ատրպէյճան ներկայիս արտադրած է 100 հազար ԱԿ–74Մներ, սակայն արտադրանքի ծաւալներու մասին ստոյգ գնահատական տալը դժուար է: