ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, 26 Ապրիլին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւ շարք մը նահանգային եւ տեղական մարմիններէ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ միացան 300է աւելի հայորդիներու, որոնք հաւաքուած էին «Արպաթ» ճաշասրահին մէջ, միասնաբար տօնելու Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնադրութեան տասնամեակը եւ մասնակցելու քաղաքին հրշէջներու բաժանմունքի պետ Էրիք Կարսիայի, Գէորգ Սարգիսեանի, ՀԵԴի «Երիտասարդական Ջոկատներ» ծրագիրին եւ Զարեհ Խաչատրեանի մեծարման։
Ձեռնարկին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները կատարեց երգչուհի Ալին Արուստամեան։
Բացման աղօթքը կատարեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայ գտնուող՝ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանը։
Ապա, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան ընթերցեց առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ սրբազանը հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունէր եւ իր օրհնութիւնները կը փոխանցէր Հայ Դատի նուիրեալներուն ու զօրակիցներուն, բարձր գնահատելով անոնց գործունէութիւնը, մեր արդար իրաւունքներու եւ պահանջատիրական պայքարի իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:
Տօնակատարութեան հանդիսավարն էր երկարամեայ կրթական մշակ դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որ նմանապէս լուսարձակի տակ առաւ Պըրպնքի Հայ Դատի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն կենսական դերակատարութիւնը, յոյժ կարեւոր նկատելով միասնական աշխատանքը, որ առիթ կ՛ընծայէ փորձառութիւնները բաժնեկցելու, ի սպաս Պըրպենքի հայ համայնքին եւ համայն հայութեան շահերուն։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան, տեղեկութիւններ փոխանցելով նախորդ տարուան ընթաղցքին կատարուած աշխատանքին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով յանձնախումբին նեցուկ կանգնողներուն։ Ան նաեւ շեշտեց Պըրպենքի բարգաւաճման մէջ քաղաքին բնակչութեան բազմազանութեան կարեւորութիւնը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Թերեզա Երիմեան եւ Պըրպենքի քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատի։
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ միշտ նեցուկ կանգնած է հայանպաստ քայլերու, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ու Հայաստանի համար Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն յաւելեալ աջակցութեան ապահովման, արտայայտուեցաւ ներկայ Քոնկրեսին մէջ տարուող ջանքերուն մասին, նոյն ժամանակ կարեւոր համարելով Պըրպեքնի քաղաքացիական կեանքին մէջ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին նման կազմակերպութեանց ունեցած դերակարարութիւնը։
Քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատի դրուատեց Պըրպենքի հայութեան ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին ունեցած ներդրումը, յատկապէս կարեւոր համարելով հայ երիտասարդները քաղաքական կեանքի մղելու անոր ջանքերը, որոնք կը նպաստեն նաեւ ամբողջ քաղաքին քաղաքական կենսունակութեան։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութ քաղաքը Պըրպենքին «Բարեկամ քաղաք» հռչակելու նախաձեռնութեան, որ իրականացած էր Հոկտեմբեր 2014ին։ «Գիտենք Արցախը որքան կարեւոր է հայութեան համար։ Կը բաժնենք հայութեան վճռակամութիւնը, Արցախը դարձեալ Հայաստանի մէկ մասնիկը դարձնելու համար, բան մը, որ հայութեան արդար իրաւունքն է», եզրակացուց ան։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ տնօրինուող եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի վարիչ Թերեզա Երիմեան, որ անցեալին եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կառավարական հարցերու վարիչը եւ Արեւելեան Հոլիվուտի թաղապետական խորհուրդի ատենապետ՝ ներկայացնելով Փոքրիկ Հայաստանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ յատկապէս երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանք մղելու աշխատանքներուն վրայ, որոնց շարքին ան յիշեց՝ Հայ Դատի հովանիին տակ իրականացած շարք մը վարժողական ծրագիրները եւ հայութիւնը քուէարկելու մղելու նպատակով նախաձեռնուած «ՀայՎոթց» արշաւը։
ՄԵԾԱՐՈՒՄՆԵՐ
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկին եւս մեծարանքի արժանացան Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ ծառայած ու նկատառելի ներդրումներ ունեցած, ինչպէս նաեւ քաղաքին բարգաւաճման զօրակցած անհատներ ու կազմակերպութիւններ:
Մեծարուողներն էին՝ Պըրպենքի հրշէջներու բաժանմունքի պետ Էրիք Կարսիա, ուսուցիչ Գէորգ Սարգիսեան, Հայ Դատի գործիչ Զարեհ Խաչատրեան եւ ՀԵԴի «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրը։
Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան լաւագոյն համայնքային գործիչի մրցանակը շնորհուեցաւ քաղաքին հրշէջներու բաժանմունքի պետ Էրիք Կարսիային ու անոր միջոցաւ՝ քաղաքին բոլոր հրշէջներուն, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն քաղաքին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։
Վահան Քարտաշեանի անուան Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարուան գործիչի մրցանակը յանձնուեցաւ Զարեհ Խաչատրեանին, որ թէ՛ քաղաքի հայ համայնքին եւ թէ Պըրպենքի քաղաքացիական կեանքին մէջ ունեցած արդիւնաբեր գործունէութեամբ նպաստած է քաղաքին բարելաւման։
Գարեգին Նժդեհի անուան մր-ցանակը շնորհուեցաւ իր 25ամեակը նշող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին Պըրպենքէն մասնակցողներուն, որոնք այս ծրագիրին շնորհիւ առիթը ունեցած են գործնականապէս մասնակցելու հայրենիքի բարգաւաճման, միաժամանակ սերտ կապեր հաստատելով Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ հոն հանդիպած հայորդիներուն հետ:
Մուշեղ Իշխանի անուան մրցանակը յանձնուեցաւ երկարամեայ ուսուցիչ Գէորգ Սարգիսեանին, որ տասնամեակներով նուիրեալ սպասարկութիւններ մատուցած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ՝ իբրեւ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչ եւ հայերէն բաժանմունքի վարիչ-պատասխանատու:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Օննիկ Ղիլեզեանի պատրաստած տեսանիւթը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի նախորդ տարուան գործունէութիւնը, որմէ ետք ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լիլիան Արէճեան շեշտեց համայնքին կողմէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ յարգանքին կարեւորութիւնը։
Այս տարի, նաեւ մոմավառութեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ ձեռնարկին ընթացքին, որուն մասնակցելու համար կազմակերպիչ յանձնախումբը ընտրած էր համայնքէն 10 նուիրեալ անձեր, ամոլներ եւ հաստատութիւններ, որոնք նպաստած էին Հայ Դատի ջատագովման՝ քաղաքին, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի վրայ կատարուած գործունէութեանց միջոցաւ. անոնք էին՝ Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեաններ, Պըրպենքի քաղաքապետութիւնը, Աւօ եւ Սիւզան Տօնոյեաններ, Պերճ եւ Մերի Կարապետեաններ, Արա եւ Կարօ Քիւրքճեաններ («Լիպանիզ Արաք» ընկերութիւն), Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեաններ, Թիմի եւ Սեդա Մարտիրոսեաններ, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, Հերոս եւ Սոֆի Նազարեաններ ու Արա եւ Ալին Չաղլասեաններ։
Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Լիլիա՛զ» պարախումբին պարողները, ներկայացնելով հայկական շարք մը աւանդական պարեր, ինչպէս նաեւ երգչուհի Ալին Արուստամեան եւ «Տի.Ճէյ.» Լիօ։
ANCA Burbank Chapter
https://www.facebook.com/ANCABurbank
Email:
ancaburbank@ancaburbank.org