ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- Կրանատա Հիլզի հանրային երկրորդական վարժարանը ներկայացնող խումբը 27 Ապրիլին առաջնութիւնը խլեց Միացեալ Նահանգներու վարժարաններուն միջեւ տեղի ունեցած եւ Տասնամարտ անունով ծանօթ ընդհանուր գիտելիքներու մրցումին, որուն աւարտական հանգրուանը այս տարի իրականացաւ Մինիսոթա նահանգի Պլումինկթըն քաղաքին մէջ։
Առաւելագոյն 60,000 կէտէն 53,108.5 կէտ ապահոված եւ ինը աշակերտներէ բաղկացած Կրանատա Հիլզի վարժարանի հաւաքականին մաս կը կազմէր 12րդ դասարանի աշակերտ Նիքոլ Տէր Սահակեան։
Տէր Սահակեան այս տարի երկրորդ անգամն ըլլալով մաս կազմեց ազգային ախոյեան դարձած Կրանատա Հիլզի վարժարանի խումբին, որ աւարտականին հասած էր՝ դառնալով նախ Լոս Անճելըս շրջանի, ապա Քալիֆորնիոյ ախոյեան։
Խմբային յաղթանակին կողքին, Նիքոլ Տէր Սահակեան նաեւ առաջնութիւնը խլեց գրականութեան եւ արուեստի բաժանմունքներուն մէջ, իսկ ուսողութեան բաժանմունքին մէջ երկրորդ հանդիսացաւ։ Նիքոլ շարադրութեան բաժանմունքին մէջ երրորդ դիրքը գրաւեց։
Տէր Սահակեան, որ աւարտական դասարանին բարձրագոյն նիշը ապահոված աշակերտներէն մէկն է, յառաջիկայ տարի իր ուսումը պիտի շարունակէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ։