ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց յարգանքով մօտենալու Թուրքիոյ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումին, որ կը վերաբերի Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւնը կրկնելուն:
Աքսոյ աւելցուց, որ «ազատ ու ժողովրդավարական ընտրութիւնները Թուրքիոյ պետական աւանդութեան անբաժան մասը կը կազմեն»՝ պնդելով, որ իւրաքանչիւր ընտրութեան ընթացքին մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը թուրք ժողովուրդին ժողովրդավարութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը եւ ընտրական համակարգին նկատմամբ վստահութեան ցուցանիշն է:
Ըստ անոր՝ Պոլսոյ մէջ ընտրութիւնը կրկնելու որոշումը 31 Մարտի ընտրութեանց ընթացքին «անօրինական տարրերու» միջամտութեանց պատճառով է եւ «ընտրական արդիւնքներէն անկախ է»: Աքսոյ շեշտեց, որ նոյնպիսի դէպքեր պատահած են Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ, եւ անոնք լուծուած են ժողովրդավարական կանոններու շրջագիծին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը ջնջելու որոշումը «արտասովոր» որակած էր՝ աւելցնելով. «Թրքական իշխանութիւնները կը յորդորենք այս ընտրութիւնը կատարել իր օրէնքներուն, ԵԱՀԿի ծիրին մէջ իր ստանձնած յանձնառութիւններուն, ՆԱԹՕի դաշնակից իր կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր ձգտումին համահունչ կերպով»: