ԼՈՍ ԿԱԹՈՍ, Քալիֆորնիա.- Քալիֆորնիոյ արդի արհեստագիտութեան կիզակէտը հանդիսացող Սիլիքըն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 6 Ապրիլին տեղի ունեցաւ «Բարձր արհեստագիտութեան ապագան Հայաստանի մէջ» խորագիրը կրող քննարկումը, «Նեթֆլիքս»ի կեդրոնատեղիի «Քապուքի» թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ 300 հայորդիներու եւ համակիրներու։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Նեթֆլիքս»ի աւագ ծրագրաւորողներէն Վաչէ Շիրիքեան, յոյս յայտնելով, որ ներկաները սրահէն կը հեռանան Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան ապագայի նկատմամբ յաւելեալ յոյսերով եւ աւելի խոր պատկերացումներով:

Քննարկման նպատակն էր Սիլիքըն հովիտի հայ համայնքին հետ ազատ երկխօսութիւն կատարել:
Քննարկման համակարգողն էր Ալին Տէր Ալեքսանեան Պարսումեան, որ ներկայիս Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի զարգացման հարցերու տնօրէնի օգնականն է եւ Հայ Դատի երկարամեայ գործիչ: Ան նախ ընդգծեց, որ Հայաստան ներկայիս արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ յեղափոխութիւն կ՛ապրի՝ նշելով, որ անիկա խորհրդային օրերէն ի վեր այդ մարզի յառաջատարներէն էր: «Կ՛ապրինք Սիլիքըն հովիտի մէջ եւ Հայաստան յեղափոխութիւն կ՛ապրի բարձր արհեստգիտութեան մարզին մէջ։ Այդ պատճառով, այս քննարկումին գաղափարը շատ բնականօրէն եկաւ յանձնախումբին։ Մեր նպատակն է կամրջել այս երկու աշխարհները», ըսաւ ան:
Քննարկումին մասնակցողներն էին՝ դոկտ. Մերի Փափազեան (Սան Հոզէի նահանգային համալսարանի տնօրէն), Նինա Աշաճեան («HIVE Ventures»էն), Էտիթ Խաչատուրեան (Միջազգային իրաւական խորհրդակցութիւն ընկերութեան հիմնադիր) եւ Մերուժան Դանիէլեան («Թիմըպըլ»ի հիմնադիր տնօրէն)։

Քննարկման չորս մասնակցողները գլխաւորաբար կեդրոնացան Հայաստանի կրթական համակարգին, Հայաստանի մրցակցային հնարաւորութիւններուն, Սիլիքըն հովիտի դերակատարութեան՝ Հայաստանի արդի արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման գործին մէջ եւ այդ ոլորտին մէջ գործարարութեան զարգացման:
Ներկայացումներուն աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը։
Այնուհետեւ, Սիլիքըն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անի Ենիգոմշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին բոլոր մասնակցողներուն եւ ներկաներուն։
(Քաղուած Ալին Պարսումեանի թղթկացութենէն)

